2013-09-28 11:14:54

ԽՕՍԷ ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ (Քաղուած` Վրդ. Անդրանիկ Կռանեանի գիրքէն) (շարունակութիւն)


Դիցաբանութեան մը աւանդոյթը դարեր կտրելով միզի կը հասնի կա՛մ մատենագրութեան ճամբով, կա՛մ ժողովուրդի մը աւանդոյթներով:

ա) Մատենագրութիւն – Պէտք է ընդունիլ որ հայ հեթանոսական կրօնին մասին խօսող հայ պատմիչները մեզի քիչ բան փոխանցած են այդ մասին: Մեր մատենագրութիւնը ժլատ է մեր ազգին հին կրօնին մասին: Հեթանոսական աւանդոյթներէն հազիւ պատառիկներ հասած են մեզի ու այս նիւթը շօշափուած է միայն քանի մը հայ մատենագիրներու կողմէ: Ագաթանգեղոս, Զենոբ Գլակ, Փ. Բուզանդ այս մասին անդրադարձած են ժխտական տրամադրութեամբ եւ շատ անցողակի ձեւով, երբ խօսած են հին մեհեաններուն քանդումին մասին, կատարուած` Լուսաւորչի քարոզչութեան օրով:
բ) Ժողովրդական զրոյցներ – Դիցաբանական աւանդոյթին փոխանց-ման երկրորդ ճանապարհը ժողովրդական զրոյցներն են: Ժողովուրդը թանկագին շտեմարան է ազգի մը անցեալ հաւատալիքներուն, յատ-կապէս ա՛յն ժողովուրդներուն մօտ, որոնք դարերէ ի վեր նո՛յն բնօրրանին մէջ բնակած են որպէս գերիշխան ժողովուրդ: Սակայն ի՞նչ ըսել հայ ժողովուրդին մասին, որ քանիցս տեղահանուած է ու արշաւող ցեղախումբերուն ենթարկուած է:

գ) Պեղումներ- Իսկ հնախօսական պեղումները այսօր մեզ մօտ շատ սահմանափակ տարածութիւններ կ’ընդգրկեն, որովհետեւ հայ դիցա-բանութեան օրրանն ու պեղումներու վայրերը ներկայիս կը գտնուին հայկական սահմաններէն անդին, թրքական հողերուն վրայ:
Հայ դիցաբանութեան` մեզի հասած անբաւարար տեղեկութիւնները թոյլ չեն տար մեզի հաստատելու թէ մենք ալ մեր դրացիներուն պէս` հեթանոս ուրոյն կրօն մը ստեղծած ենք: Հայ Պանթէոնը միայն վերջին շրջանի դիցաբանութեան մասին կը խօսի, եւ ասիկա` միայն խճա-նկարային ձեւով:







All the contents on this site are copyrighted ©.